2014-01-08 10:17:52

Նախագահ Սարգսեանի ներկայութեան Ս. Ծննդեան հանդիսաւոր պատարագ` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ


Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապի եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան 6 յունուարին ներկայ գտնուեցան Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. Էջմիածինի մէջ մատուցուած պատարագին:
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս:
Պատարագի սկիզբը հայրապետական թափօրը Ամենայն հայոց կաթողիկոսը եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը ամպհովանիով առաջնորդեց Մայր տաճար: Ամպհովանակիրներն էին` սուտանահայ բարերար Հրաչ Մարտիկեան, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Արմէն Էլբակեան, արուեստաբան Հրավարդ Յակոբեան եւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Տիգրան Ներսիսեան: Վեհափառ հայրապետին իբրեւ առընթերականեր կը սպասաւորէին Մայր աթոռի լուսարարապետ Յովնան եպս. Յակոբեան եւ Մայր աթոռի վարչատնտեսական բաժանմունքի տնօրէն Մուշեղ եպս. Բաբայեան:
Ս. պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն: Մայր տաճարին մէջ ջրօրհնէքի խաչի կնքահայրն էր հայ եկեղեցւոյ մոսկուաբնակ բարերար Հայկ Մաղաքելեան:
Ս. պատարագի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան եւ կառավարութեան անդամներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագէտներ, կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի ներկայացուցիչներ:
Ս. պատարագէն ետք «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին վեհափառ հայրապետը վերստին իր օրհնութիւնը եւ բարեմաղթանքները փոխանցեց ներկաներուն Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով:







All the contents on this site are copyrighted ©.